2014-09-09 08:29:43

14 Սեպտեմբերը ցեղային արդարութեան կիրակի` հռչակուած Անգլիոյ եկեղեցւոյ կողմէ` ''ոչ մարմնավաճառութեան'' նշանաբանով։


''Պայքար մղել մարմնավաճառութեան`` այս է նիւթը 14 Սեպտեմբերի ցեղային արդարութեան կիրակի օրուան, հռչակուած Անգլիոյ եկեղեցիի կողմէ։ Անգլիոյ եկեղեցին քրիստոնեաներէն կը խնդրէ որ աղօթք բարձրացնեն առ Աստուած, որպէսզի վերջ դրուի ցեղապաշտութեան եւ անհատներու միջեւ անհաւասարութեան։
Եպիսկոպոսները կը յիշեցնեն մարմնավաճառութեան դէմ անցեալ տարի Վատիկանի մէջ գումարուած միջազգային խորհրդաժողովը մատնանշելով որ ֆրանչիսկոս Քահանայապետը մարմնավաճառութիւնը կը սահմանէ ''ստրկութեան արդի նոր ձեւը''։
Ցեղային արդարութեան կիրակին առիթ մըն է նաեւ աղօթելու աւելի արդար ու մարդկայնական ընկերութեան մը համար, ուր բոլոր անհատները հաւասար արժանաւորութիւն ունին։
Եպիսկոպոսները այս օրուան համար կը խնդրեն մասնաւորապէս հայցել բարեխօսութիւնը Ճուզեփինա Պախիդայի, որ տարիներ շարունակ ապրած է ստրկութեան մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.